«Նոր Յառաջ» Երկօրեայ թերթի 06 Յուլիս 2021-ի լրահոսը: Լրահոսը ձայնագրեց եւ ներկայացուց՝ Շաքէ Մանկասարեան: Շարունակեցէք քաջալերել «Նոր Յառաջ» Երկօրեայ թերթին նուիրական տարած աշխատանքս այն տարածելով: «Նոր Յառաջ»-1619:
«Կ՚ողջունենք ծերակուտականներուն այս քայլը եւ կը յուսանք, որ ան առաջին քայլը կը հանդիսանայ՝ կասեցնելու քարիւղով հարուստ, ազգայնամոլ եւ բացայայտօրէն հակահայ քայլերու դիմող Ալիեւի վարչակազմին բոլոր ռազմական աջակցութիւնները կասեցնելու ճամբուն վրայ», կը յայտնէ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչ Թերեզա Երիմեան՝ աւելցնելով. «Ոչ մէկ տոլար պէտք է յատկացուի Ազէրպայճանի բանակին, որ այդ զէնքերը կը գործածէ Հայեր սպանելու, անդամալուծելու կամ գերի բռնելու նպատակով»։ Նշենք, որ վերջին քանի մը շաբաթներուն, աւելի քան 100.000 նամակներ յղուած են Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն՝ պահանջելով, որ անմիջապէս կասեցուի Ազէրպայճանի զինումը։ Արշաւին միանալու համար այցելել https://marchtojustice.org/stop-arms-aid/issue-form/0 կայքէջը։