Listen

Description

Ընկերուհի ջան, Ապրիլեան այս օրերուն որքան տեղին է երաժշտական ընտրութիւնդ՝ բացառիկ «Անտունի»-ն եւ Յասմիկ Յարութիւնեանի

հիանալի ձայնը... Վարձքդ շա՜տ կատար։ Շնորհակալութիւն։ Պաչիկ՝ Լ.

Իսկապէս կրնամ վկայել որ այս եւ նման ՆՀ հաղորդումներդ,  Նոր թթուածին մը տուած են ունկնդիրներուն համար, շունչ ու հոգի ներածած ես, հայ արուեստ ու երաժշտութիւն սրսկած ես ․․․պարզ հաղորդումէ աւելի այդ հաղորդաշարերը դառձած են արուեստի ինքնուրոյն սփռումներ , հոն կայ Շաքէ Մանկասարեանի հոգիին մէկ բաժինը որ այնքան նուիրումով կ՛արտացոլայ։

Աստուած ձայնդ եւ պատրաստակամութիւնդ անխափան պահէ, սփիւռքահայ արեւմտահայերէնի ձայնային մամուլի մէջ մնաս միշտ պատնեշի վրայ իւրայատուկ եւ գագաթն ի վեր: Արա Սայեղ:

ՓԱՐԻԶԵԱՆ ՇՐՋԱՆ - Լէ Լիլա Հայոց ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի արարողութիւն

ՖՐԱՆՍԱ Մոն տը Մարսան քաղաքին մէջ տեղադրուած խաչքարին բացման արարողութիւնը

 Պոլսոյ մէջ, 83 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուած է նշանաւոր արձակագիր, գիւղագիր, փիլիսոփայ Մկրտիչ Մարկոսեան։