ԳԵՐՄԱՆԻԱ
«Հովեր» երգչախումբի հրաշալի համերգը՝ Միւնիխի մէջ Երեւանի սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնի «Հովեր» երգչախումբը
Յուլիս 29-ին, հովանաւորութեամբ՝ Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան, Գերմանիոյ Միւնիխ քաղաքին մէջ ունեցած է հրաշալի ելոյթ մը, նուիրուած՝ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին: Համերգի կազմակերպման աջակցած է EUROPAMUSICALE (European Cultural Foundation) եւրոպական մշակութային հիմնադրամը։ Լուրը կը հաղորդէ Հայաստանի դեսպան Վիկտոր Ենգիբարեան, Դիմագիրքի իր էջով։