Listen

Description

Պահպանուած հնատիպ Հայերէն տպագիր գիրքերու ժառանգութիւնը Լեհաստանի մէջ դոկտ․ Արա Սայեղ

Դարերու ընթացքին գրաւոր մշակոյթի՝ ձեռագիրներն ու գիրքերը մշտապէս եղած են սփիւռքահայուն կեանքի ուղեւորութեան անբաժան, վստահելի եւ սրտակից ուղեկիցները: Բայց այդ գիրքերու դեքերումները բարդ եւ երբեմն ողբերգական պատմութիւններ եղած են անոնց սեփականատէրերու ճակատագիրներուն նման ։ Նոյն ճակատագրին արժանացած են նաեւ լեհահայ դարաւոր համայնքի հայերէն ձեռագիրներու, հնատիպ տպագիր գիրքերու վաւերական ժառանգութիւնը։ Որուն մէկ մասը պահպանուած է Լեհաստանի այսօրուայ սահմաններէն ներս, իսկ միւս մասը կորած կամ ոչնչացած է եւ կամ պահեստի վայրը անյայտ է։ 

Պէտք է մատնանշել, որ Նունէի պրպտումներն ու հետազօտութիւնը կարելի է համարել ամբողջացնող ինքնայատուկ շարունակութիւն մը, համալրող կամրջում մը Նունէի գիտական օգնական ղեկավարի եւ ներկայիս Երեւանի Մեսրոպ Մաշտոցի Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող դոկտ․ Փիրուզ Մնացականեանի հետազօտութիւններուն, որոնք աւարտած էին 26.Յունիս.2015 թուականին Փիրուզի դոկտորականի ատենախօսութեան հանրային պաշտպանութեամբ։