(*) Մակնիցքիի օրէնքը, որ պաշտօնապէս ծանօթ է «Russia and Moldova Jackson-Vanik Repeal and Sergei Magnitsky rule of law Accountability Act of 2012» անուանումով, երկկուսակցական օրէնք մըն է, ընդունուած՝ Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսին եւ նախագահ Օպամայի կողմէ 2012 Նոյեմբեր-Դեկտեմբերին: Այս օրէնքը կը նախատեսէ 2009-ին Մոսկուայի Պութիրքայի բանտին մէջ՝ քաղաքական համակարգի եղծանման դէմ պայքարի խորհրդանիշ հանդիսացող փաստաբան Սերկէյ Մակնիցքիի մահուան հետ առնչուած կասկածելի ռուս պաշտօնատարներու նկատմամբ ֆինանսական պատիժներ եւ այցագիրի (վիզա) արգելքներ։ ■
Genocide Watch-ը ցեղասպանութեան դէմ հանդէս եկող դաշինքի համակարգողն է, որ հիմնուած է 1999-ին: Կառոյցը կը ներառէ աշխարհի աւելի քան 75 կազմակերպութիւն: Genocide Watch-ը կազմակերպութիւններու առաջին դաշնակցութիւնն է, որ ամբողջովին կեդրոնացած է ցեղասպանութեան կանխարգիլման վրայ: