- Արցախի Հանրապետութեան բժշկական կեդրոններուն մէջ 2022-ին լոյս աշխարհ եկած է 1623 մանուկ Արցախի Առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն՝ Հանրապետութեան բժշկական հաստատութիւններուն մէջ 2022-ին ծնած է 1623 երախայ, որոնցմէ 15-ը՝ երկուորեակ: 43 արցախցի մանուկ ալ լոյս աշխարհ եկած է Հայաստանի մէջ։ 2023 Յունուար 1-8 Արցախի մէջ ծնած են 43 երախաներ: Շրջափակման օրերուն Արցախ ծնած մանուկներու թիւը 110-ն է:
- Տիգրանակերտի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ, 8 տարուան դադարէ ետք, առաջին անգամ Սուրբծննդեան պատարագ մատուցուած է։2015-ին Սուրի մէջ ծայր առած բախումներու հետեւանքով եկեղեցին լուրջ վնասներ կրած էր, սակայն վերանորոգուելէ ետք կրկին բացած էր իր դռները։Պատարագին մասնակցելու համար Պոլիսէն Տիգրանակերտ ժամանած է հայր Նաթան Արաբեան։ Տարբեր քաղաքներէ բազմաթիւ Հայեր եւ «Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան» նահանգային համանախագահները ներկայ գտնուած են պատարագին։
- Ազգայնական եւ Ռուսաստանի ընդդիմադիր իր կեցուածքով ծանօթ «Ժողովրդավարական բեւեռ» կուսակցութեան մաս կազմող «Սասնայ ծռեր»-ու համակիրները ուզած են մօտենալ ռազմակայանին, անոր փակման պահանջով։