- Եւրոպայի ամէնէն հին հայկական եկեղեցին կը գտնուի Ռումանիոյ Պոթոշանի քաղաքին մէջ
- Քահանայ եւ ազգագրագէտ Տան Տիմիթրի իր «Ուղղափառ Հայերը Պուքովինայի մէջ» խորագրեալ հատորին մէջ կը գրէ, թէ Ս. Մարիամ եկեղեցին այն աճման կեդրոնն էր, որու շուրջ 14-րդ դարուն պիտի զարգանար հայկական թաղամասը, որու բնակիչները գլխաւորաբար հայ վաճառականներ էին, որոնք լքած էին իրենց երկիրը, Հայաստանի երբեմնի ծաղկուն մայրաքաղաք Անին հիմնովին աւերած 1319-ի աւերիչ երկրաշարժէն ետք։ «Այդ տարին շատ Հայեր գաղթեցին Պոթոշանի եւ Սուչավա՝ իրենց մայրաքաղաքը աւերած երկրաշարժէն յետոյ լքելով հայրենիքը, որպէսզի նոր կեանք կառուցեն այստեղ»,– գրած է ան։
- Երեւան եւ Վենետիկ այսուհետեւ կ՚ունենան օդային ուղղակի հաղորդակցութիւն