- Թուրքիոյ սահմանամերձ Հայկաձոր բնակավայրի չէզոք գօտիին մէջ գտնուող Կարմիր վանքի նոր խաչի օծման արարողութիւնը: Ըստ արձանագրութեան, եկեղեցւոյ կառուցման նախաձեռնողը եղած է Հոռոմոս վանքի առաջնորդ Սարգիս եպիսկոպոսը, ճարտարապետը՝ Սամեհա, 980-985 թուականներուն։
- ՊՈՒԼԿԱՐԻԱ Սեւ ծովի ափին գտնուող Վառնա քաղաքին մէջ կը հիմնուի պուլկարահայ մշակութային տեղեկատուական կեդրոն։ «Բարեգործական» Միութեան անդամները քննարկած են նաեւ 1977-1983 թթ. Վառնայի բժշկական համալսարանի տնօրէն, դասախօս փրոֆ. Կարապետ Գաբրիէլեանի անունով փողոց մը անուանելու եւ անոր խորաքանդակը տեղադրելու ծրագիրը: Ան եղած է ժահրաբանութեան ամպիոնի եւ քաղաքի քանի մը հիւանդանոցներու հիմնադիրը։ Ներկայիս իր որդին «Բարեգործական» միութեան խորհուրդի փոխնախագահն է։