Listen

Description

Մահ՝ աշխարհահռչակ գիտնական փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի

Յուլիս 10-ին, ԱՄՆ-ու Լոս Անճըլըս քաղաքին մէջ 90 տարեկանին իր

մահկանացուն կնքած է աշխարհահռչակ գիտնական, Հայաստանի Ազգային ակադեմիայի անդամ, Գալիֆորնիոյ պետական համալսարանի Հայոց արդի պատմութեան ամպիոնի հիմնադիր ու առաջին վարիչ, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» կոթողային քառահատոր աշխատութեան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ու պատմական հայրենիքի վերաբերեալ բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան։


Թադէոս Եսայեան կը գրէ.-Շնորհակալութիւն « Նոր Յառաջ » Յուլիս 13-ի ձայնագրուած լուրերու հաղորդումին համար։ Ցաւով կ ՚իմանանք փրոֆ Րիչարտ Յովհաննէսեանը մահը։ Հաճեցէք ընդունիլ մեր ցաւակցութիւնները ։
Երեւի Երուսաղեմի Հայոց Պատրեարքարանը տակաւին չէ կրցած «Կովերու Պարտէզ»ի ապօրինի պայմանագիրը ջնջել։ Այժմ, կ ՚իմանանք որ շքեղ պանդոկի մը յատակագիծը ներկայացուած է քաղաքապետարան։

Հակառակ միջազգային կոչին որ Բերձորի անցքը բացուի ՝ այժմ կ ՚իմանանք որ Ազրպէյճան պաշտօնապէս շրջափակած է Արցախը ։