Listen

Description

Հարցազրոյց դոկտոր Հրայր Ճէպէճեանի հետ: «Սրբազան հայրը հեռաձայնեց եւ քաջալերեց մեզ բոլորս, որ ցոյցին մասնակցինք»։

Իսկ սրբազան հայրը Յովակիմ սրբազանն է, որ կը քաջալերէ գաղութի անդամները հաւաքուելու Լոնտոնի Քենզինքթըն շրջանին մէջ՝ մասնակցելու համար ցոյցին, դատապարտելու համար վերջին օրերուն Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումները Տաւուշի շրջանին վրայ եւ հայկական գաղութներուն կողմէ ի զօրակցութիւն Հայաստանի եւ հայկական բանակին։ Քենզինկթըն շրջանը Լոնտոնի մէջ ունի իր իւրայատկութիւնը. Հայաստանի դեսպանատունը կը գտնուի այդ շրջանին մէջ։ Անգլիոյ ազրպէյճանական գաղութի կազմակերպած ցոյցին առիթով Յովակիմ սրբազանը «ոտքի հանած» է գաղութը՝ հակադարձելու այդ ցոյցին։

Յովակիմ եպս. Մանուկեան հոգեւոր առաջնորդն է Մեծն Բրիտանիոյ եւ  Իրլանտայի։ Մօտէն ճանչցած ըլլալով  զինք, իրեն հետ ունեցած հաղորդակցութիւններուս ընդմէջէն տեսած եմ քրիստոնէական հաւատքի, հայ եկեղեցւոյ եւ հայութեան նկատմամբ իր անզիջող նուիրուածութիւնը։ Ան յոգնիլ  չգիտցող կղերականն է, որ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ գաղութը պահելու իր ազգային եւ քրիստոնէական գիտակցութեան մէջ։https://hayemnews.com/%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%a5%d5%9c%d6%80-%d5%b4%d5%ab%d5%a1%d6%81%d5%a7%d5%9b%d6%84-%d5%b4%d5%ab%d5%a1%d6%81%d5%a7%d5%9b%d6%84-%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%a5%d6%80/