«Նոր Յառաջ» Երկօրեայ թերթի 5 Մարտ 2021-ի լրահոսը: Լրահոսը ձայնագրեց եւ ներկայացուց՝ Շաքէ Մանկասարեան:Շարունակեցէք քաջալերել նուիրական մամուլի աշխատանքը:
Լրահոսը՝
- Եւրոպական յանձնաժողովը դատապարտած է Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ ռմբակոծումը,Արցախի յուշարձաններու ոչնչացումը:
- «Պերլինալէ» կը պաշտպանէ Լեռնային Ղարաբաղի մասին ժապաւէնին ցուցադրումը, հակառակ «քարոզչական» բնոյթին մասին ազէրպայճանական բողոքներուն:
- «Իսրայէլ Հայոմ». Էրտողան կրկին հայեացքը ուղղած է դէպի Երուսաղէմ: