Օլիվիէ Տըքոթինյի Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի նոր դեսպան նշանակուած է։
Արցախի մէջ կ՚արգիլուի փողոցի առեւտուրը։
ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ - Թիւմեն քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ օծման եւ հայ-ռուսական բարեկամութեան պարտէզին ու մարշալ Բաղրամեանի կիսանդիի բացման արարողութիւնները։
Անի Բադալեան. «Լա Հէյի Արդարադատութեան ատեանի որոշումը յստակ է եւ պէտք է ամբողջութեամբ գործադրուի Ազերպայճանի կողմէ»։
ԿԵՍԱՐԻԱ - Փլուզման եզրին գտնուող հայկական եկեղեցին անտեսուած է Թուրքիոյ իշխանութիւններուն կողմէ։
Իրաքի մէջ առեւանգած են ծանօթ լրագրող Էլիզապէթ Ցուրքովը։