Listen

Description

ԵՐԵՒԱՆ - Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը «Հանրապետութիւն» Հրապարակին վրայ’

ՖՐԱՆՍԱ - Ֆրանսա շուտով պէտք է կնքէ ռազմավարական գործընկերութիւն Հայաստանի հետ՝ ըստ Ազգային ժողովին ներկայացուած բանաձեւի առաջարկի մը։

ՓԱՐԻԶ - Դեսպան Խաչատրեանի հանդիպումը Ֆրանսայի բանակներու սպայակոյտի պետ Թիէրի Պիւրքարտի հետ։

«Ժանսեմ. կենդանի գծի վարպետը»  - Ֆրանսահայ նշանաւոր նկարիչին 105-ամեակին նուիրուած ցուցադրութիւն Երեւանի մէջ։

ԹՈՒՐՔԻԱ - Հայրենի «Վերադարձ» համոյթը կէս ճամբէն ետ վերադարձած է Թունճելիի նահանգապետարանը արգիլած ըլլալով անոնց համերգը։

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ - Իսրայէլացի երկու երիտասարդուհիներ փորձած են հաշիշ ծխել Սուրբ Յարութեան տաճարին մէջ։