« Վասն զի մեզի մանուկ մը ծնաւ, մեզի որդի մը տրուեցաւ եւ իշխանութիւնը անոր ուսին վրայ պիտի ըլլայ: Անոր անունը պիտի կոչուի Սքանչելի, Խորհրդակից, Հզօր Աստուած, Յաւիտենականութեան Հայր, Խաղաղութեան իշխան: Դաւիթին աթոռին վրայ ու անոր Թագաւորութեան վրայ. Անոր իշխանութեանը մեծնալուն ու խաղաղութեանը սահման չկայ»:
Վերոնշեալ հատուածը Քրիստոսի գալուն մասին մարգարէական խոստում մըն է, որ սկիզբէն տրուած էր (տե՛ս Ծն 3.15) եւ որուն կը սպասէին բոլոր ազգերը: Հատուածը կը նկարագրէ Քրիստոսի ծնիլը, գործերը, իշխանութիւնը եւ այդ իշխանութեան տարածուիլը: [...]
Վեր.Գէորգ Չափարեան